Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեանն Ու Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան Արտաքին Գործերու Նախարարը Կարեւորած Են Պարբերական Ուղիղ Թռիչքներու Իրականացումը

Արարատ Միրզոյեանն Ու Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան Արտաքին Գործերու Նախարարը Կարեւորած Են Պարբերական Ուղիղ Թռիչքներու Իրականացումը

by MassisPost

Ապրիլ 17-ին Ռիատի մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարար արքայազն Ֆէյսալ պըն Ֆարհան Ալ Սաուտի հետ։

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման դրական յարաշարժը՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն յետոյ բարձր մակարդակի այցի կազմակերպումը փոխգործակցությունը խորացնելու ցանկութեան լաւագոյն վկայութիւնն է:

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք ընդգծուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացումը խթանելու, երկկողմ օրակարգը աշխուժօրէն հարստացնելու եւ համապատասախան իրաւապայմանագրային կեդրոն ձեւաւորելու պատրաստակամութիւնը:

Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործհերու նախարարները անդրադարձած են առեւտրատնտեսական, զբօսաշրջութեան, կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն: Ընդգծուած է պարբերական ուղիղ թռիչքներու կարեւորութիւնը, որոնք կը նպաստեն նաեւ մարդոց միջեւ շփումներու եւ գործարար կապերու խթանման։

Արարատ Միրզոյեանն ու Ֆէյսալ պըն Ֆարհան Ալ Սաուտը քննարկած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ, բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան հարցեր, այդ շարքին՝ «World Expo 2030» անցկացման ծիրին մէջ:

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանը կը զարգացնէ քաղաքական երկխօսութիւնն ու գործընկերութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն հետ, որուն դրսեւորումն էր նախորդ տարի առաջին անգամ մասնակցութիւնը Արաբական պետութիւններու լիկայի նախարարական հանդիպման: «Շատ կարեւոր է, որ մենք համատեղ ջանքերով կը լրացնենք Սէուտական Արաբիոյ հետ խոստումնալից փոխգործակցութեան բացը»:

Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գորերու նախարարները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Արարատ Միրզոյեանը իր գործընկերոջ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին զարգացումները, խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւններն ու առանցքային հարցերու շուրջ ՀՀ դիրքորոշումը։

Տարածաշրջանին մէջ փոխադրութեան եւ տնտեսական կապուղիներու ապաշրջափակման առումով նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստանը մեծապէս շահագրգռուած է լոկիսթիք փոխկապակցուածութեան աւելացմամբ, ինչ որ կը նշանակէ թէ՛ տնտեսական շահ, թէ՛ կայունութիւն: Այս ծիրին մէջ Արարատ Միրզոյեան գործընկերոջ ուշադրութեան ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագիրը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment