«Առաջին անգամ պաշտօնական այցով Երեւանի մէջ եմ եւ կ’արտայայտեմ իմ երախտագիտութիւնս Հայաստանի ժողովուրդին, որ ջերմօրէն ընդունեց Ղազախստանի պատուիրակութիւնը»:
Այս մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած՝ Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը:
«Մենք յատուկ յարգանքով կը վերաբերինք Հայաստանի հինաւուրց պատմութեան, հարուստ մշակոյթին եւ աւանդոյթներուն:
«Հայաստանը շատ կարեւոր եւ վստահելի գործընկեր է Ղազախստանի համար Հարաւային Կովկասի մէջ: Մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են անքակտելի բարեկամութեան եւ փոխօժանդակութեան վրայ: Մեր նպատակները տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրացման տեսանկիւնէն կը համընկնին:
«Մենք հետաքրքրուած ենք Հայաստանի հետ համակողմանի գործընկերութեան հետագայ զարգացմամբ եւ անոր համար այսօրուայ այցը ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի»,- ընդգծեց Թոքաեւ:
Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրեցին պաշտօնական այցի արդիւնքներով համաձայնագիր: Այնուհետեւ համաձայնագրեր կնքուեցան երկու երկիրներու շարք մը նախարարութիւններու միջեւ:
Մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ գաղթի մասին համաձայնագիր եւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Ղազախստանի կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու, այցելութիւններու եւ գտնուելու կարգի մասին համատեղ համաձայնագիր եւ այլն:
Աւելի վաղ տեղի ունեցած էր Թոփաեւի եւ Փաշինեանի առանձնազրոյցը: