Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Ապրիլին հերթական անգամ այցելած են ատրպէյճանական բանտին մէջ պահուող Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն:
Այդ մասին «ԱՊԱ» ատրպէյճանական լրատուական գործակալութեան փոխանցած է Ատրպէյճանի մէջ ԿԽՄԿ ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովան:
Ըստ անոր՝ ձերբակալուածներուն հետ անհատական հանդիպումներ տեղի ունեցած են, եւ անոնց տրուած է ընտանիքներուն հետ շփուելու հնարաւորութիւն։