Անցեալ Սեպտեմբերին ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժեցին Արցախ` հայաթափումի ենթարկելով հոն ապրող աւելի քան 100 հազար հայութիւնը: Եւրոպան ու Միացեալ Նահանգները չկարողացան կանխել այդ աղէտը` սակայն եկան այն եզրակացութեան« որ ամէն գնով պէտք է օգնել ժողովրդավարութեան ճանապարհր բռնած Հայաստանին ու ցուցաբերել ամէն տեսակի օժանդակութիւն` զսպելու համար Ալիեւի սպառնալիքները` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ: Արցախի իրադարձութիւնները անկիւնադարձային եղան Հայաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու առումով: Անցեալ Հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ գումարուած Եւրոպական Երկիրներու Գագաթի Ժողովի առընթեր նախատեսուած էր հնգակողմ հանդիպում« որուն հրաւիրուած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը« որ վերջին վայրկեանին մերժեց մասնակցիլ խաղաղութեան շուրջ կայանալիք բանակցութիւններուն: Ալիեւի բացակայութիւնը յաւելեալ փաստ հանդիսացաւ Եւրոպային, որ Պաքուն վստահելի գործընկեր չի կրնար ըլլալ` Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու համար եւ պէտք է ամէն գնով ուժեղացնել Հայաստանը:
Ալիեւի այս քայլը առիթ եղաւ նաեւ, որպէսզի Ֆրանսայի« Գերմանիոյ ու Եւրոպայի Խորհուրդի ղեկավարները` Հայաստանի վարչապետի ներկայութեան ընդգծեն իրենց «անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան« տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան՚: Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման` Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներուն համապատասխան:
Այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք, Եւրոպան անցաւ գործնական քայլերու: Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վան Տէր Լայն յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ միասին պիտի կազմակերպէ հանդիպում` Հայաստանին աջակցելու համար: Այդ հանդիպումը կþայացաւ Ապրիլի 5-ին Պրիւքսելի մէջ, որուն ընթացքին Եւրոպան ու Միացեալ նահանգները միասնաբար վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` աջակցելու Հայաստանին, այս անգամ խօսելով նաեւ ՙընկերա-տնտեսական դիմակայունութեան՚ մասին« որուն նպատակն է բազմազանեցնել Հայաստանի տնտեսական ներուժը, որպէսզի ան նուազեցնէ իր կախուածութիւնը Ռուսաստանի տնտեսութենէն:
Այս հարցը ծագեցաւ երբ օրակարգ մուտք գործեց Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան, որ կը ներառնէ նաեւ մուտք` Եւրոպական Միացեալ Շուկայ: Այդ ընելու համար Երեւան ուշ թէ կանուխ պէտք է որոշում կայացնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալու հարցով: Ռուսաստանի գլխաւորած այդ միութիւնը ներկայիս կը նկատուի Հայաստանի տնտեսութեան գլխաւոր շարժիչ ուժը: Նախ քան հոնկէ դուրս գալը Հայաստան պէտք ունի ապահովելու իր դիմակայութիւնը` յառաջանալիք դժուարութիւնները կանխելու համար:
Ներկայիս Հայաստան կþաշխատի ուժեղացնել իր թիկունքը ռազմական, տնտեսական ու քաղաքական առումներով` նախապէս պատրաստուելով հաւանական վտանգներուն դէմ, որոնք կրնան յառաջ գալ մի քանի տարբեր կողմերէ: Զարմանալի չէր երբ Պաքուն, ու որոշ չափով նաեւ Անգարան ու Մոսկուան Պրիւքսելեան հանդիպումէն առաջ իսկ սկսան աղմուկ բարձրացնել ժողովի մը շուրջ, որ չէր վերաբերեր իրենց: Ատրպէյճան մտահոգ է, որ Հայաստան սկսած է վայելել բազմակողմանի աջակցութիւն` այնպիսի երկիրներէ, որոնք իրմէ մի քանի աստիճան բարձր մակարդակի «խաղացողներ՚ են: Թուրքիան կը կատարէր իր «կրտսեր եղբոր՚ անվերապահ զօրակցելու իր պարտաւորութիւնը: Մոսկուայի դժգոհութիւնը կը կայանայ հոն, որ ան չի կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Երեւան սկսած է վարել իրմէ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն: Այս օրերուն այդ երեք երկիրներու շահերը կը համընկնին իրարու եւ բնականաբար կը հակադրուին Հայաստանի ազգային շահերուն:
Պրիւքսէլի մէջ կայացած նման բարձր մակարդակի հանդիպումը տնտեսականի կողքին ունէր նաեւ քաղաքական յստակ պատգամ այն առումով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւասարութիւն դնելու ժամանակը աւարտած է: Մէկ կողմը կը գտնուի ժողովրդավար Հայաստանը, որ կը ձգտի խաղաղութեան եւ Եւրոպայի հետ մերձեցման, իսկ միւս կողմը կայ բռնապետական Ատրպէյճանը, որ կը հանդիսանայ շրջանային անկայունութեան գլխաւոր դերակատարը: Այս բոլորը նկատի առնելով Հայաստան-Եւրոպա-Միացեալ Նահանգներ վերջին հանդիպումը յաղթանակ մըն էր Երեւանի համար, որուն վարած բազմակողմանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ տալ իր դրական արդիւնքները:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ՚