«Մասիս» հրատարակչականի կազմակերպութեամբ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մշակութային Կեդրոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ Թուրք մտաւորական` Քատիր Աքինի պատրաստած «RED» վաւերագրական ժապաւէնի Ամերիկայի մէջ անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Ֆիլմը պատրաստուած է «Հայ Յեղափոխական Փարամազ. Հայ Սոցիալիստները Եւ Ցեղասպանութիւնը Ապտուլհամիտէն մինչեւ Իթթիհաթ Թերաքքի» բեկումնային գրքի հիման վրայ, որուն հեղինակն է Քատիր Աքինը: Ֆիլմը կը խորանայ արդարութեան եւ հաւատարմութեան խոր թեմաներու մէջ` ուսումնասիրելով հայ յեղափոխականներու բարդ պատմութիւնն ու պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին:
Ցուցադրութեան պիտի յաջորդէ Քատիր Աքինի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հետ հարց ու պատասխան: Այս քննարկումը եզակի առիթ պիտի ըլլայ խորանալու ֆիլմի արտադրութեան, տարածաշրջանային գաղափարախօսութեան ու անոր եղափոխութեան եւ աշխարհաքաղաքական ընթացիկ հարցերուն մէջ:
Ֆիլմի ցուցադրութեան մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ ըլլալով կը խնդրուի [email protected] հասցէով նախօրօք ապահովել տեղերը:
ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մշակութային Կեդրոնի հասցէն է` 2495 E Mountain St, Pasadena, CA 91104: