Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ «Հայաստան» Հիմնադրամի Նախկին Տնօրէնէն Բռնագանձել Ապօրինի Գոյք, Միջոցներ

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ «Հայաստան» Հիմնադրամի Նախկին Տնօրէնէն Բռնագանձել Ապօրինի Գոյք, Միջոցներ

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հակափտածութեան դատարանը 2024 թուականի Մարտ 12-ին, 19-ին եւ 26-ին վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր Դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումները:

Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախկին գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձէն բռնագանձել՝

3 անշարժ գոյք.

1 փոխադրամիջոց.

Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող բնակարանի ներկայիս միջին շուկայական արժէքը ամբողջութեամբ.

933 միլիոն 144 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուի անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում, փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռքբերողի կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել եւ բռնագանձել.

208 միլիոն 214 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի օգտագործումէն ստացուած եկամուտի մնացորդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment