Թուրքիոյ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Ահմեթ Եներ յայտարարած է, որ երկրի քաղաքային ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կազմած է 78,11%, մշակուած է արձանագրութիւններուն 99,99%-ը։ «Արձանագրութիւններուն 99,99 տոկոսի մշակումէն յետոյ ստացուած նախնական տուեալներուն համաձայն՝ մեթրոփոլիաներու քաղաքապետերու պաշտօններուն քուէարկութեան մասնակցութիւնը կազմած է 78,11 տոկոս։ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը յաղթած է 35 քաղաքներու մէջ, իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը՝ 24», տեղական հեռուստաալիքներու եթերով յայտնած է ԿԸՅ նախագահը։
Կիրակի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը 20 տարուան մէջ առաջին անգամ յաղթած է իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան: Բացի Սթամպուլէն, Անգարայէն եւ Անթալիայէն, որոնք կը կառավարուին 2019 թուականէն, ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ յայտնուած են նաեւ նոր քաղաքներ, այդ շարքին՝ Պուրսա եւ Թեքիրտաղ արդիւնաբերական կեդրոնները։
Ինչ կը վերաբերի 30 մեկապոլիսներուն, ապա անոնցմէ 14-ին մէջ քաղաքապետ կը դառնան Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան ընդդիմադիր անդամները։ Եւս 10 քաղաքներ պիտի ղեկավարեն քրտամէտ DEM կուսակցութեան ներկայացուցիչները։