Հ.Բ.Ը.Մ.ի ԳալիՖորնիոյ շրջանի վեթերաններու վարչութիւնը անցեալ Հինգշաբթի Մարտ 2, 2021, կազմակերպած էր շահեկան բանախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան հանդիսասրահին մէջ: Օրուան նիթն էր «Միջին Արեւելքը Կազայի Վերջին Իրադարձութիւններու Լոյսին Տակ», բանախօս` իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան:
Ընտրանի հասարակութիւն մը ներկայ էր, որոնց մէջ կը նշմարուէին Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Լիպիոյ Հայաստանի նախկին դեսպան Արմէն Մելգոնեան, ինչպէս նաեւ գաղութիս տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծանօթ ազգային եւ հասարակական գործիչներ:
Սոյն միջոցառումի հանդիսավարն էր ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Գարակէօզեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը հանգամանօրէն ներկայացուց երեկոյի յարգարժան բանախօս իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի համառօտ կենսագրականը, որպէս հմուտ իրաւաբան, հասարակական գործիչ, վերլուծաբան եւ երկու գիրքերու հեղինակ:
Յարգելի բանախօսը, լուսապտկերներու միջոցով, նախ համառօտ կերպով ներկայացուց Կազայի ներկայ կացութիւնը Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի տնտեսական եւ քաղաքական ընդհանուր համայնապատկերն ու ռազմավարական իրավիճակը, շահագրգիռ մեծ տէրութիւններու տեսանկիւնէն դիտուած: Անոնց կիզակէտը եղած է Սուէզի ջրանցքը, Կարմիր Ծովն ու Ագապայի անցքը: Ռազմավարական տեսանկիւնէն Ագապայի ծոցի սկիզբը եղող զոյգ կղզիները (Թիրան ու Սարազի), կռուախնձոր եղած են Իսրայէլի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ եւ ի վերջոյ անցած է Սէուտական տիրակալութեան ներքեւ:
Արաբ-Իսրայէլեան վեց օրուան պատերազմին (1967) պատճառով Սուէզի ջրանցքը փակուած էր: Սակայն մինչ այդ 1963-ին, ԱՄՆ-ի կողմէ գաղնտօրէն ծրագրուած է երկրորդ ջրանցքի մը բանալ Սուէզի զուգահեռ: Թաքուն պահուած այս ծրագիրը` բացայայտօրէն հանրութեան ծանօթացուեցաւ 1994-ին: Արդարեւ այս ծրագիրի իրագործումը պիտի արժէ 55 պիլիոն (միլիառ) տոլար եւ պիտի կոչուի, Պէն Կորիոն» ջրանցք: Ի պատիւ Իսրայէլի առաջին վարչապետի անունով կոչուող այս ջրանցքի շինարարութիւնը սկսած է 2022 թուականի Նոյեմբերին եւ պիտի տեւէ 5-6 տարի: Այս մեծ ծրագրի իրագործումը կը հովանաւորուի շատ մը երկիրներու կողմէ, մասնակցութեամբ 300,000 երկրաչափերու եւ արհեստավարժ աշխատաւորներու: Ներկայիս Սուէզի ջրանցքը պետութեան համար կ’ապահովէ տարեկան 6 պիլիոն տոլարի եկամուտ: Իսկ Պէն Կորիոն ջրանցքը երբ բանելու սկսի պիտի ապահովէ տարեկան 3 պիլիոն տոլար:
Միջին Արեւելքի քաղաքա-աշխարհագրական ժամանակակից փոփոխութիւններն սկսած են ազդել յատկապէս քարիւղ արտադրող երկիրներուն վրայ« որոնք արդէն մեծ ներդրումներ կատարած են այս առնչութեամբ: Մեծագոյն իրագործումներէն մին է Սէուտական Արաբիոյ մէջ« հիմնադրուպող արդիական NEOM քաղաքը: Ան կը գտնուի Կարմիր ծովու հիւսիսը, Եգիպտոսի արեւելքը եւ Յորդանանի հարաւը, Ագապայի ծոցին մօտ: Նէում քաղաքի շինարարութիւնը պիտի արժէ 500 միլիառ տոլար: Արդարեւ աշխարհագրական կարեւոր դիրք գրաւող այս նոր քաղաքի նաւահանգիստը` ծրագրուած է կոչուելու աշխարհի մեծագոյնը:
Ըստ Ռուբէն Աւշարեանի Միջին Արեւելքի խաղաղ ու անդորր կեանքը վտանգուած է, ռազմատենչ ու շահամոլ երկիրներու մենատիրական նկրտումներուն պատճառով: Այս թեժ մրցապայքարէն կրնան զգալիօրէն տուժել Եգիպտոս եւ այլ երկիրներ:
Սոյն հետարքրական դասախօսութեան աւարտին ներկաներէն շատեր հարցումներ ուղղեցին Ռ. Աւշարեանին եւ ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ: Անուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մասամբ շարունակութիւնը հարց-պատասխանի օգտաւէտ խօսակցութեան:
Միջին Արեւելքի ընդհանուր համայնապատկերին դիմաց եղող այս լսարանային բանախօսութիւնը` շահեկան գիտելիքնորով լիցքաւորուեց ներկայ ունկնդիրները, որոնք որոշ բաւարարութեամբ մեկնեցան սրահէն, շնորհաւորելով իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանն ու կազմակերպիչները:
Գ. Մ.