Կառավարութեան Մարտ 14-ի նիստի չզեկուցուող հարցերէն մէկով Ծաղկաձոր համայնքին մէջ գտնուող շուրջ 20.000 քմ մակերեսով հողամասը (սկզբնական նպատակային նշանակութիւնը՝ անտառային տարածք) ամրացուեցաւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին:
Գլխաւոր Դատախազութենէն կը յիշեցնեն, որ 2023 թուականի Ապրիլ 6-ին Հակափտածութեան քաղաքացիական դատարանը բաւարարած էր Գլխաւոր Դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հայցը, որով կը պահանջուէր՝
Անվաւեր ճանչնալ 2007 թուականի Մայիս 26-ի աճուրդը.
Որպէս հետեւանք՝ անվաւեր ճանչնալ այդ ժամանակ Կոտայքի մարզպետի պաշտօնը զբաղեցուցած անձի՝ Քավալենքօ Շահկալտեանի եւ Սամուէլ Մայրապետեանի միջեւ 2007 թուականի Մայիսի 31-ին կնքուած հողամասի առուվաճառքի պայմանագիրը, անոր հիման վրայ կատարուած՝ Ծաղկաձոր համայնքին մէջ գտնուող մօտ 20000 քմ հողամասի նկատմամբ Սամուէլ Մայրապետեանի սեփականութեան իրաւունքի պետական արձանագրումը:
37 միլիոն 593 հազար դրամ շուկայական արժէքին մօտարկուած կադաստրային արժէքով շուրջ 20000 քմ մակերեսով «յատուկ պահպանուող տարածք» նպատակային նշանակութեամբ հողամասին նկատմամբ արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան իրաւունքը: