Եւրոպական Խորհրդարանին ընդունած բանաձեւը Հայաստանի մէջ հանրային քննարկման առարկայ պէտք է դառնայ, Հայաստանի վարչապետին առաջին արձագանգը այսպիսին է Եւրոմիութեան Օրէնսդիր մարմնի որոշման: Ողջունելով այդ որոշումը՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ սա եւս մէկ առիթ է՝ քննարկելու Հայաստանի ապագայի տեսլականը:
«Յոյս ունեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերը, հասարակական կազմակերպութիւնները, հանրութեան տարբեր շերտեր, քաղաքացիներ վերաբերմունք կ’արտայայտեն Եւրոպական Խորհրդարանից հնչող այս ուղերձի վերաբերեալ, որովհետեւ նման ուղերձներն ունեն շատ աւելի լայն արձագանգի կարիք, քան կառավարութիւնը կամ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը», ըսաւ ան:
Ընդունած բանաձեւով, որ խորհրդատուական բնոյթի է, ԵՄ Օրէնսդիր մարմինը գործադիր իշխանութեան կ’առաջարկէ դիտարկել Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հնարաւորութիւնը: Ասոր նախորդած էր Հայաստանի վարչապետին՝ նոյն մարմինին մէջ ամիսներ առաջ ունեցած ելոյթը, նաեւ վերջին շրջանին հայ պաշտօնեաներուն, այդ շարքին՝ արտաքին գործերու նախարարին յայտարարութիւնը, որ Հայաստան կը քննարկէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հնարաւորութիւնը։
«Բանաձեւը մէջբերել է նախորդ տարի Հոկտեմբերի 17-ին Եւրոպական Խորհրդարանի ամպիոնից իմ արած յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը պատրաստ է այնքան մօտ լինել Եւրոմիութեանը, ինչքան Եւրոմիութիւնը դա հնարաւոր կը համարի՝ արձանագրելով, որ եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ցանկանայ Եւրոմիութեան անդամութեան թեկնածու դառնալու յայտ ներկայացնել, Եւրոմիութեան հիմնարկները պէտք է աջակցեն», նշած է կառավարութեան ղեկավարը:
Բոլոր խմբակցութիւններուն համաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ աջակցութիւն կ’արտայայտէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու անկախութեան, նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերուն: Հայաստանի վարչապետը կը վստահեցնէ՝ պիտի շարունակեն աշխատիլ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու հետագայ խորացման եւ զարգացման ուղղութեամբ: