Երկուշաբթի, Մարտ 11-ի երեկոյեան Իրանահայ Միութեան Կլէնտելի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրային Հեռատեսիլի առաջին ալիքի Ամերիկայի մասնաճիւղի մեկնարկը յայտարարող հանդիսութիւնը:
Համայնքային կազմակերպութիւններու եւ անհատ անձնաւորութիւններու ներկայութեան կայացած հանդիսութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ որ, հաղորդումները պիտի սկսին Ապրիլի 1-ին եւ պիտի ընդգրկեն ե’ւ Հայաստանի մէջ սփռուող հաղորդումները եւ տեղական պատրաստութեան յայտագիրներ:
Հանդիսութեան ընթացքին իր ունեցած ելոյթի ընթացքին Հանրային Հեռուստատեսութեան տնօրէն` Յովհաննէս Մովսէսեան յայտարարեց, որ այս քայլը մեկնարկն է եւ այդ մեկնարկը կը սկսի Լոս Անճելըսի համայնքէն, որ կարեւոր համայնք կը նկատուի: Ան յայտնեց, որ ծրագիրը պիտի տարածուի այլ համայնքներով եւ Հանրային Հեռուստատեսութիւնը պիտի ըլլայ կապող օղակ տարբեր համայքներու միջեւ եւ այդ օղակը պիտի ընդգրկէ հարաւային ամերիկայի Հայ համայնքները: