Թուրքիան պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ զայն համաձայնեցնելով Ատրպէյճանի հետ։
Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական համաժողովի բացման արարողութեան ժամանակ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան:
Ան նաեւ յաւելած է, որ իր երկիրը պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերը թրքական աշխարհի հզօրացման համար։