Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է ռուսական կողմին՝ Ռուսաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ զանգուածային հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի 5-րդ յօդուածի խախտումներուն մասով։ Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանին յայտնեց Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը՝ արձագանգելով թեմային վերաբերեալ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանի դիտարկման, թէ ռուսական հեռուստաալիքներով կը շարունակեն վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչել։
«Բաւականին զգայուն հարց է, մենք պէտք է առիթ չտանք, որ տարատեսակ խմբերի կողմից հարցը քաղաքականացուի, որովհետեւ այստեղ անիմաստ է փնտռել քաղաքական ենթագրեր, ես իմ կողմից նամակ եմ ուղարկել իմ ռուս գործընկերոջը՝ Կապի եւ թուային զարգացման նախարարին՝ առաջարկելով անյապաղ խորհրդակցութիւններ անցկացնել։ Եթէ մենք ելնում ենք այն կանխավարկածից, որ ՀՀ-ն ու ՌԴ-ն այդ համաձայնագրին հաւատարիմ են, բայց խախտումները շարունակւում են, ապա օրինական հարց է առաջանում անդրադառնալու այդ փաստաթղթի դրոյթներին, արդեօք վերախմբագրելու անհրաժեշտութիւն չունի», յաւելեց նախարարը:
2020 թուականի Դեկտեմբերէն Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ գործող այդ համաձայնագրին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ հանրային մալթիփլեքսով հեռարձակուող ռուսական հեռուստաալիքները պէտք չէ անդրադառնան տեղական ներքաղաքական թեմաներուն, պէտք չէ տարածեն ատելութեան խօսք եւ այլն։ Ռուսական պետական երկու հեռուստաալիքները, մինչդեռ, յատկապէս անցած տարուան աշնան աշխուժօրէն կը քննադատէին Հայաստանի իշխանութիւնները, այդ շարքին՝ սուտ տեղեկութիւններ տարածելու միջոցով։