Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ տիկնոջ` Պրիճիթ Մաքրոնի հետ ներկայ գտնուած են Դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ տիկնոջ` Մելինէ Մանուշեանի աճիւնները Ֆրանսայի մեծագոյն գործիչներու պանթէոնին մէջ ամփոփելու արարողութեան:
Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալը, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններու, օրէնսդիր մարմիններու անդամներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած է Էմանուէլ Մաքրոնը: Իր խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահը նշած է, որ Միսաք Մանուշեանը ազատ էր, երբ կը քալէր փողոցէն եւ կ’անցնէր այս պանթէոնին կողքով։
«Ան կը պատկերացնէր, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար իր սիրելի Հայաստանը։ Մանուշեան ինքզինք կ՛անուանէր «ցասումով լի վագր», երբ ձերբակալեցին, բայց Մելինէն իր հետ էր բոլոր ոդիսականներուն մէջ եւ կ’ապրեցնէր զինք: Վերջնական, մշտական ընտրութիւնը ազատութիւնն էր: Ընտրեց ընդյատակեայ կեանքը, որ ֆրանսացին ոչինչ կորսնցնէ իր ազատութենէն՝ մշտապէս ըլլալով ազատութեան արբեցած զինուորը», նշած է Մաքրոնը` աւելցնելով, որ այսօր կայ Ֆրանսա, որ երախտապարտ է իրենց:
«Միսաք եւ 23 այլք, եւ բոլոր այլք, որ կը յարէին այս ազատութեան, ի վերջոյ պատուի արժանացան, սէր եւ ազատութիւն՝ ի յաւերժութիւն», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը: