Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի վերաբերեալ Ատրպէյճանի վերջին մեկնաբանութիւնները փոխանցուած են Հայաստանին, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի ընդունելութեան ժամանակ:
Կը նշուի, որ Պայրամով ըսած է, որ Պաքուն շահագրգռուած է այս ուղղութեամբ բանակցային գործընթաց սկսելու հարցով։
Պայրամով, կրկին միջամտելով Հայաստանի ներքին գործերուն, ըսած է, թէ իբր ՀՀ-ի Սահմանադրութիւնը, օրէնսդրական արձանագրութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները եւ դատարանները կ’արտացոլեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ շարունակուող պահանջները։