Global Innovation Index-2023 վարկանիշային աղիւսակին մէջ Հայաստանը զբաղեցուցած է 72-րդ հորիզոնականը: Հայաստանը դիտարկուած է Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Արեւմտեան Ասիա բաժնին մէջ, կը նշուի, որ «երկիրը տեսանելի յառաջընթաց արձանագրած է» վերջին տարուան մէջ:
Տարածաշրջանային երկիրներէն Վրաստանը զբաղեցուցած է 65-րդ հորիզոնականը, Ատրպէյճանը` 89: Թուրքիան 39-րդն է, Ռուսաստանը` 51-րդը, Իրանը` 62-րդը:
Վարկանիշային աղիւսակը կը գլխաւորէ Զուիցերիան: Անոր կը յաջորդեն Շուէտը, ԱՄՆ-ը, Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Սինկափուրը: