Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ երկօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսայ:
Նախատեսուած է վարչապետին հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
ՀՀ վարչապետը եւ Ֆրանսայի նախագահը Աննա Յակոբեանի եւ Պրիժիթ Մաքրոնի հետ Փարիզի պանթէոնին մէջ ներկայ պիտի գտնուին Դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի աճիւններու՝ Ֆրանսայի մեծագոյն գործիչներու Պանթէոնին մէջ ամփոփելու արարողութեան:
Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի հետ: Նախատեսուած են հանդիպումներ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ:
Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմով Փարիզ մեկնած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։
Վարչապետը Փարիզ այցելած էր նաեւ Նոյեմբերին՝ մասնակցելու «Խաղաղութեան 6-րդ համաժողովին»: