Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիան ԵԽԽՎ-ին Կոչ Ըրած Է Շտկելու Ատրպէյճանի Վերաբերեալ Սխալը, Կեդրոնանալու Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն Վրայ

Թուրքիան ԵԽԽՎ-ին Կոչ Ըրած Է Շտկելու Ատրպէյճանի Վերաբերեալ Սխալը, Կեդրոնանալու Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն Վրայ

by MassisPost

Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները չհաստատելու վերաբերեալ։

Azertag-ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն ափսոսանք յայտնած է ԵԽԽՎ-ի՝ ատրպէյճանական պատուիրակութեան մանտաթը չհաստատելու որոշման առնչութեամբ։

Կը նշուի, որ այս որոշումը կը հակասէ ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ներկայացուցչութեան իրաւունքին։ Հասկնալի է, որ այս քայլը, որ կը նշանակէ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան ուղիներու փակում, չի ծառայեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման։

Թուրքիան ԵԽԽՎ-ին կոչ ըրած է հնարաւորինս արագ շտկելու այս սխալը եւ կեդրոնանալու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ջանքերուն վրայ։

Յիշեցնենք, որ եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը մէկ տարիով հեռացուցած է ԵԽԽՎ-էն:

ԵԽԽՎ-ի մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը, իր հերթին վիրաւորական դիրք ընդունելով, յայտարարած էր, որ կը դադրեցնէ համագործակցութիւնը ԵԽԽՎ-ի հետ եւ կը լքէ Սթրասպուրկի նստաշրջանը՝ ի նշան երկրին նկատմամբ պատժամիջոցի դէմ բողոքի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment