Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետը Մասնակցած Է Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի Բացման Արարողութեան

ՀՀ Վարչապետը Մասնակցած Է Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի Բացման Արարողութեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման արարողութեան:

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին կը մասնակցին քանի մը տասնեակ երկիրներու նախագահներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ ու արտաքին գործերու նախարարներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը, ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիտթը եւ այլք:

Համաժողովի շրջանակին մէջ նախատեսուած են վարչապետ Փաշինեանի շարք մը երկկողմ հանդիպումներ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած էր Միւնիխ: Մեկնած են նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ու  արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Վարչապետին կ’ուղեկցին նաեւ Աննա Յակոբեանն ու դուստրերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment