2024 թուականին կը լրանայ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը: Այդ առիթով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած է յոբելենական յանձնաժողով, որ արդէն իսկ հաստատած է միջոցառումներու ցանկը:
ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութիւնը եւս կը հաւաքագրէ ստեղծագործական մտայղացումներ եւ գաղափարներ, որոնք կրնան ընդգրկուիլ յոբելենական միջոցառումներու ծրագրին մէջ:
Դիմումները պէտք է պարունակեն ծրագրի անուանումը, կազմակերպութեան անուանումը, բովանդակութեան հակիրճ նկարագրութիւնը, նախատեսուող ֆինանսաւորման չափը: Դիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտը Մարտ 22-ն է: Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելենական միջոցառումներու ծիրին մէջ, Երեւանի քաղաքապետարանը յայտարարած է յուշարձանի նախագիծի բաց մրցոյթ:
Շարլ Ազնաւուրի ստեղծուելիք յուշարձանը կը նախատեսուի տեղադրել վերջինիս անունը կրող հրապարակին վրայ («Մոսկուա» կինոթատրոնին դիմաց): Յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2024 թուականի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն: Դիմողներէն կը պահանջուի պատրաստել արձանի մանրակերտը, մանրակերտի եռադիրք լուսանկարները եւ անհրաժեշտ դիմումնաձեւը ուղարկել համապատասխան ելեկտրոնային հասցէով եւ զայն ներկայացնել մրցոյթին: Դիմումները անանուն պիտի ներկայացուին մրցութային յանձնաժողովին, որմէ յետոյ տեղի պիտի ունենան մանրակերտերի ցուցադրութիւնը եւ գնահատումը: Յաղթող ճանչցուած դիմումի հեղինակին պիտի տրամադրուի դրամական պարգեւ, եւ մանրակերտի հիման վրայ պիտի իրականացուի յուշարձանին կառուցումը:
Իւրաքանչիւր դիմող կրնայ ներկայացնել մինչեւ 3 մանրակերտի տարբերակ: