Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Պայմանագրին Մէջ Յստակ Քարտէզ Ամրագրելը Սկզբունքային Է. Խանդանեան

Խաղաղութեան Պայմանագրին Մէջ Յստակ Քարտէզ Ամրագրելը Սկզբունքային Է. Խանդանեան

by MassisPost

Հայկական կողմին համար սկզբունքային է, որ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ յստակ ամրագրուի՝ սահմանազատումը պիտի իրականացուի խորհրդային շրջանի իրաւասու մարմիններուն տպագրուած եւ իրաւական փաստաթուղթերով հիմնաւորուած վերջին քարտէզներով: Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը կը հաւաստիացնէ՝ պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ սա պնդել:

«Եթէ այս սկզբունքը չպաշտպանուի ու չիրագործուի, ապա անհասկանալի է, թէ ինչպէս տեղի կ’ունենայ սահմանազատման գործընթացը», նշեց Սարգիս Խանդանեանը:

Սահմանազատումը Խորհրդային Միութեան ամենաթարմ՝ 1975 թուականի քարտէզներով իրականացնելը Հայաստանի առաջարկն է: Խաղաղութեան պայմանագրին մէջ զայն ներառելու հարցը դեռ կը քննարկուի, համաձայնութիւն չկայ: Հայկական կողմը փաստաթուղթին մէջ սահմանազատման սկզբունքներու ամրագրմամբ կ’ուզէ ապահովել գործընթացին յստակութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը:

Ատրպէյճանի նախագահը նախօրէին ուղիղ յայտնած է՝ չեն ուզեր հիմք ընդունիլ ԽՍՀՄ վերջին քարտէզները: Իլհամ Ալիեւը յղում ըրած է 1940-էն 60-ականներու քարտէզներուն, պնդած է, թէ այդ փուլերուն ատրպէյճանական հողերը տրուած են Հայաստանին: «Այսինքն, անոնք կ’ուզեն մէկ կողմ թողել 1960-ականներու, 50-ականներու, 40-ականներու քարտէզները եւ յղում ընել 70-ականներուն, քանի որ մեր պատմական հողերը այդ ժամանակ արդէն անոնց տրուած էին։ Ուստի, մենք վճռականօրէն ընդդիմացած եւ կ’ընդդիմանանք անոր», նշած է Ալիեւ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment