ՀԱՊԿ անդամ բոլոր երկիրները միակարծիք են դաշինքի զարգացման հետագայ ամրապնդման անհրաժեշտութեան հարցով, Ռուսաստանը յոյսով է, որ Հայաստանը, ի վերջոյ, պիտի վերսկսի լիարժէք մասնակցութիւնը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գործունէութեան։ Այս մասին ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքովը։
«Հայաստանի դիրքորոշումը բոլորին յայտնի է, մենք չենք կրնար բոլոր կէտերով համաձայնիլ։ Բոլոր երկիրները միակարծիք են այս դաշինքի հետագայ ամրապնդման եւ զարգացման հարցով, ուստի յոյսով ենք, որ սա այն ճանապարհն է, որով մենք պիտի երթանք։ Յոյս ունինք, որ մեր հայ ընկերները նոյնպէս ի վերջոյ պիտի վերսկսին իրենց լիարժէք մասնակցութիւնը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գործունէութեան», ըսած է Փեսքով։