Ֆրանսան խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ շարունակուող լարուածութեան, յայտնած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութենէն։
«Ֆրանսան խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ շարունակուող լարուածութեան, ուր իսրայէլացի վերաբնակիչներուն կողմէ բռնի ճնշում կը գործադրուի բնակչութեան նկատմամբ։ Այն պէտք է անյապաղ դադրեցուի»։