Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաումանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը կարեւորած է ԵԱՀԿ ԽՎ նստաշրջանը առաջին անգամ Երեւանի մէջ կայացնելու փաստը եւ յոյս յայտնած է, որ նիստի շրջանակին մէջ տեղի կ’ունենան արդիւնաւէտ քննարկումներ եւ աշխոյժ երկխօսութիւն:
Փիա Քաուման շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ ԽՎ նիստը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ հիւրընկալելու համար՝ յաւելելով, որ պիտի քննարկուին Հարաւային Կովկասի եւ միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները:
Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ աւելի բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն: Կարեւորուած է միջազգային հանրութեան օժանդակութիւնը` առկայ խնդիրներու լուծման գործին մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Շեշտուած է 2023 թուականի Մայիս 14-ի եւ Յուլիս 15-ի` Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումներու արդիւնքներով համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: