Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Բանակցութիւններէն Ատրպէյճանի Հրաժարման Մասին

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Բանակցութիւններէն Ատրպէյճանի Հրաժարման Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըր մեկնաբանած է Ուաշինկթընի մէջ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններէն Պաքուի հրաժարումը եւ մասնաւորապէս նշած է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ աջակցիլ խաղաղութեան բանակցութիւններուն:

«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ լուծելու համար Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրները։ Մենք պիտի ուզէինք երկու կողմերուն կոչ ընել մասնակցելու այդ բանակցութիւններուն, անկախ անկէ՝ անոնք տեղի կ’ունենան այստեղ, թէ որեւէ այլ տեղ, եւ այդ պիտի շարունակէ մնալ մեր քաղաքականութիւնը», յայտնած է Միլլըր:

Յիշեցնենք, որ Պաքուն հրաժարած է Ուաշինկթընի մէջ յաջորդ շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով նախատեսուելիք բանակցութիւններէն՝ պատճառաբանելով ԱՄՆ-ի «միակողմանի» մօտեցումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment