Եւրոմիութեան արտաքին գործերու նախարարները հաւանութիւն տուին Հայաստանի մէջ տեղակայուած դիտորդական առաքելութիւնը ընդարձակելու, Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ քննարկումները աշխուժացնելու առաջարկին, Պրիւքսէլի մէջ յայտնեց ԵՄ անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը:
Որոշումը ընդունուած է Արտաքին Քաղաքական Խորհուրդի նիստին, որուն օրակարգին էր նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հարցը:
Այս պահուն Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ ունի 100 դիտորդ եւ փորձագէտ, որոնց առաքելութիւնն է դիտարկել եւ զեկուցել Պրիւքսէլին Ատրպէյճանի հետ սահմանին տիրող իրավիճակին մասին, օգնել անվտանգութեան ապահովման եւ, հնարաւորութեան պարագային, ամրապնդել վստահութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ։
Թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին եւ որքանո՞վ պիտի աւելնայ դիտորդներուն թիւը, դեռ պարզ չէ։ Ելլելով ընթացիկ տեղեկութիւններէն, այս հարցերը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի լուծուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:
«Խորհուրդը քննարկեց՝ ինչպէս աջակցիլ Հայաստանի՝ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւններուն, Հայաստանի դիմադրողականութեան, անվտանգութեան ու բարեփոխումներու շարունակման։ Մենք որոշած ենք ընդլայնել մեր դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ՝ աւելի շատ պարեկներ, աւելի շատ պարեկութիւն՝ սահմանի խնդրայարոյց հատուածներուն մէջ։ Պիտի քննարկենք նաեւ Եւրոպական Խաղաղութեան մեխանիզմի միջոցով Հայաստանին օգնելու հնարաւորութիւնը եւ վիզայի ազատականացման հնարաւորութիւնները», հանդիպումէն յետոյ յայտնեց Ժոզեփ Պորելը։
Եւրոպական Խաղաղութեան մեխանիզմը գործիք է, որով Պրիւքսէլը միջոցներ կը տրամադրէ Միութեան անդամ չհանդիսացող երկիրներու պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու, հակամարտութիւնները կանխելու, խաղաղութիւնը ամրապնդերլու համար։ Այս մեխանիզմին միջոցով նախապէս ԵՄ-էն օգնութիւն ստացած են եւ կը ստանան Ուքրանիան, Վրաստանն ու Մոլտովան։
Յառաջիկային արտաքին գործերու նախարարներուն այս որոշումները պէտք է դրուին Եւրոմիութեան կառավարութեան՝ Եւրոյանձնաժողովի սեղանին, որն ալ պէտք է առաջարկներ ներկայացնէ զանոնք իրագործելու վերաբերեալ։ Կ’ակնկալուի, որ այդ ժամանակ ալ պարզ պքիտի դառնայ՝ որքանով եւ ինչպէս կրնայ ընդարձակուիլ Հայաստանի մէջ տեղակայուած դիտորդական առաքելութիւնը, եւ կամ ինչ օգնութիւն կրնայ Երեւանը Պրիւքսէլէն ակնկալել։ Եւրոյանձնաժողովի որոշումները իրենց հերթին պէտք է վաւերացվեն ԵՄ անդամ երկիրներուն կողմէ։
Եւրոմիութիւնը կը դիտարկէ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի շրջանակներուն մէջ Հայաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն համար վիզայի դրութեան ազատականացման հնարաւորութիւնը։