Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Ամենամեծ Ներդրումներու Աղբիւրը

Հայաստանի Մէջ Ամենամեծ Ներդրումներու Աղբիւրը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ այս տարուան Յունուար-Օգոստոս ամիսներու ամենամեծ օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու աղբիւրը եղած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան  Քերոբեան Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին, 2024 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծի նախնական քննարկումներուն՝ ներկայացնելով Յունուար-Օգոստոսի ցուցանիշերը:

ԵԱՏՄ երկիրներէն օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու զուտ հոսքերու ծաւալը կազմած է 305 միլիոն տոլար:

«Ռուսաստանից օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումների զուտ հոսքերի ծաւալը կազմել է 250 միլիոն տոլար: Բայց առաջին անգամ մեր պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնում ամենախոշոր օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումների աղբիւրը կազմել է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները», ըսաւ նախարարը՝ յաւելելով, որ Ռուսաստանը այժմ կը գտնուի երկրորդ տեղը:

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ 2023 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է շուրջ 2,1 միլիառ տոլար, ինչ որ 40 տոկոսով աւելի է՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ։ Այս մասին, Ազգային Ժողովին մէջ, 2024 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ յայտնեց հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը։

«Եթէ ԵՄ-ն ընդունինք որպէս միասնական շուկայ, ապա այն, ըստ էութեան, Ռուսաստանէն յետոյ Հայաստանի երկրորդ մեծ առեւտրային գործընկերն է։ Գոհունակութեամբ պէտք է նշեմ, որ ԵՄ անդամ առանձին առաջատար երկիրներու հետ մեր առեւտուրը կ’աճի», ըսաւ Քերոբեան։

ֆրանսայի հետ առեւտուրը աճած է 53%-ով, Գերմանիոյ հետ՝ 40%-ով, իսկ Հոլանտայի հետ՝ 44%-ով։

Նախարարին խօսքով՝ այս տարուան ինը ամիսներուն Հայաստանէն ԵՄ արտահանուած է 488 միլիոն տոլարի արտադրանք, ընդ որում՝ անոնք ոչ միայն պարէնային եւ ոգելից խմիչքներ են, այլ նաեւ հիւսուածեղէն, արդիւնաբերական արտադրանք եւ հանքաքար։

Քերոբեան նշեց, որ նախարարութիւնը բոլոր ջանքերը կը գործադրէ արտահանուող ապրանքներու զանազանեցման համար։ Միաժամանակ, ան զգուշացուցած է, որ հայկական արտադրանքի որակին նկատմամբ վերահսկողութիւնը աստիճանաբար պիտի սկսի խստացուիլ։

Արտաքին առեւտրային յարաբերութիւնները զանազանեցնելու նպատակով Տնտեսութեան Նախարարութիւնը այս տարի առեւտրային հաամգումարներ կազմակերպած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment