Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խնդրեցի Պարոն Միրզոյեանէն Թոյլ Տալ Երեւանի Մէջ Հիմնել Հունգարական Հիւպատոսութիւն. Հունգարիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար

Խնդրեցի Պարոն Միրզոյեանէն Թոյլ Տալ Երեւանի Մէջ Հիմնել Հունգարական Հիւպատոսութիւն. Հունգարիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար

by MassisPost

Հունգարիոյ արտաքին գործերու եւ առեւտուրի նախարար Փեթեր Սիյարթօն ժամանած է Հայաստան:

Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Հանդիպման աւարտէն յետոյ կայացած է Միրզոյեանի եւ Սիյարթոյի մամուլի ասուլիսը։

«Տարածաշրջանի բոլոր բնակիչները, տասնամեակներ տառապելէ յետոյ, արժանի են, որ այստեղ խաղաղութիւն եւ անդորր տիրէ։ Պարոն նախարար, Դուք ըսիք, որ այս այցելութիւնը վերջակէտ կը դնէ այն տասնամեակին, երբ մեր երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական կապեր չկային։ Անցեալ տարուան աւարտին մենք պարոն նախարարին հետ Լեհաստանի մէջ որոշում ընդունեցինք առ այն, որ կը վերսկինք մեր դիւանագիտական կապերը եւ կը կառուցենք այնպիսի համագործակցութիւն, որ պիտի ծառայէ երկու երկիրներու շահերուն», ըսաւ Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարը եւ աւելցուց, որ կայ ընդհանուր հիմք՝ քրիստոնէութիւնը։ Երկու երկիրներն ալ հարիւրամեակներ քրիստոնէական են:

«Մենք՝ հունգարացիներս, հպարտութեամբ կը նշենք, որ աւելի քան հազար տարիէ քրիստոնեայ ենք, յետոյ կու գանք Հայաստան, կը տեսնենք ձեր ժամկէտերը եւ մեզի աւելի համեստ կը պահենք։ Հայ քրիստոնեայ եկեղեցին շատ կարեւոր դեր խաղացած է մեր կապերը վերահաստատելու գործին մէջ», ըսաւ Փեթեր Սիյարթօն։

Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարը ըսաւ, որ նախքան այդ ալ փորձած են կապերը վերահաստատել եւ բանակցութիւններ վարած են իրենց ատրպէյճանցի բարեկամներուն հետ՝ նպատակ հետապնդելով 2021 թուականին 5 ռազմագերիներ վերադարձնել Հայաստան։

«Մենք այդ նկրտումներու շրջանակներուն մէջ 116 միլիոն ֆորինտ յատկացուցինք՝ որպէս օժանդակութիւն այն ընտանիքներուն, որոնք Լեռնային Ղարաբաղէն վերադարձած էին Հայաստան։ Մենք օգնեցինք նաեւ առողջապահութեան ոլորտին մէջ, քանի որ 100 հազար պատուաստանիւթի դեղաչափ տրամադրած ենք Ձեր երկրին՝ համավարակի ժամանակ», նշեց Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարը։

Փեթեր Սիյարթօն վստահեցուց, որ Հունգարիան այսուհետեւ եւս պիտի ընէ ամէն ինչ՝ զարգացնելու համար հայ-հունգարական կապերը, եւ որպէս անոր դրսեւորում պիտի տրամադրեն եւս 40 միլիոն ֆորինտ օգնութիւն այն ընտանիքներուն, որոնք «ԼՂ-էն պիտի վերադառնան Հայաստան»։

«Մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտութեան պարագային մասնակցութիւն ցուցաբերելու նաեւ այդ անձերու բուժման գործին մէջ։ Մեր բժշկական հաստատությունները պատրաստ են ընդունելու այդ ընտանիքներու երեխաները։ Նաեւ Հունգարիոյ մանկական ճամբարները պատրաստ են ընդունելու զանոնք։ Մենք այսօր պայմանաւորուեցանք, որ 30 ուսանողի կրթաթոշակ պիտի տրամադրուի հունգարական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ», նշեց Փեթեր Սիյարթօն եւ ընդգծեց, որ 13 տարուան ընթացքին Հունգարիան պետական պիւտճէէն տրամադրուող ֆինանսաւորումը՝ ուղղուած հայկական համայնքին, հնգապատկած է։

«Խնդրեցի պարոն նախարարէն, որ ան ինծի թոյլ տայ Երեւանի մէջ ստեղծել հունգարական հիւպատոսութիւն, եւ մենք պիտի խնդրենք «WizzAir» հունգարական ընկերութենէն, որ արդէն իսկ 7 երկիրներու 9 քաղաքներ կը թռչի, աւելցնել նաեւ Պուտափեշթը այս երկիրներու շարքին՝ ֆիզիքապէս, անմիջական կապ ապահովելով մեր երկիրներուն միջեւ», ըսաւ ան: Փեթեր Սիյարթօն սա բաւական լաւ լուծում համարեց երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու հարցին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment