Ամերիկացի ծերակուտական Կերի Փիթըրզ ներկայացուցած է երկկուսակցական օրինագիծ, որ կ’արգիլէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ ԱՄՆ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, քանի դեռ չէ յստակացուած, որ Ատրպէյճանը յարձակողական գործողութիւններ չի ձեռնարկեր հայերու դէմ:
Փիթըրզ օրինագիծը ներկայացուցած է ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու դէմ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակումներու։
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յստակ հասկցուցած է, որ կրնայ օգտագործել իր ռազմական միջոցները դաժան յարձակումներ իրականացնելու համար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ», ըսած է ծերակուտական Փիթըրզ:
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգները չի կրնար մեղսակից ըլլալ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ատրպէյճանական բռնութիւններուն:
«Մենք պէտք է ընդունինք այս օրէնսդրութիւնը, որպէսզի արգելափակենք ամերիկեան յաւելեալ օգնութիւնը Ատրպէյճանին, քանի դեռ ան չի դադրեցներ իր յարձակումը տարածաշրջանին մէջ», նշած է Փիթըրզ:
Փիթըրզի՝ «Հայերու պաշտպանութեան մասին» անունը կրող օրինագիծը պիտի դադրեցնէ ԱՄՆ օգնութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան, որը ներկայիս թոյլատրուած է Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907-րդ յօդուածի բացառութեամբ:
Թէեւ Ազատութեան աջակցութեան օրէնքը հիմնականին մէջ կ’արգիլէ Ատրպէյճանին տրուող երկկողմանի օգնութիւնը, 2001թ. Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութիւններէն յետոյ բացառութիւն աւելցուած է 907-րդ բաժնին մէջ, որ նախագահին կու տայ Ատրպէյճանին օգնութիւն տրամադրելու յաւելեալ լիազօրութիւն: Այս լիազօրութիւնը ամէն տարի կ’օգտագործուի երկու կուսակցութիւններու նախագահներուն կողմէ՝ սկսած 2002 թուականէն, ներառեալ՝ Պայտընի վարչակազմը։