«Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Բաբայեան Հաքարիի կամուրջով ժամանած է Հայաստան։ Բաբայեանը «Ազատութեան» յայտնեց՝ ինչպէս բոլորը, ինքն ալ իջած է անցակէտին, փաստաթուղթեր ներկայացուցած է։
Սամուէլ Բաբայեանը կը պնդէ, որ ատրպէյճանական անցակէտը անցնելու ժամանակ չէ կերպարանափոխուած։