Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր անհանգստութիւնը յայտնած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի հնարաւոր ռազմական յարձակմամբ՝ ընդգծելով, որ Պաքուն կը սպառնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին ան ըսած է ֆրանսական հեռուստաալիքներիէն մէկուն հետ զրոյցի ընթացքին:
«Ֆրանսան շատ զգօն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հարցով: Այսօր Ռուսաստանը Ատրպէյճանի հետ է, իսկ Թուրքիան միշտ աջակցած է Պաքուի ձգտումներուն», յայտնած է Մաքրոն:
Ֆրանսիայի նախագահը դարձեալ դատապարտած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ընդգծած է, որ Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները պէտք է յարգուին: Մաքրոն հաստատած է այն դիքորոշումը, որ պէտք է համախմբել ԼՂ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելուն ուղղուած ջանքերը: