Ժամանակն է մտածելու Հայաստանի մէջ հնդկական ռազմա/օդային կեդդրոնի մասին։ Այս մասին իր X էջով գրած է «Հնդկահայ Բարեկամութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ռանանճա Անանտը։
«Էրտողանը կ’այցելէ Նախիջեւան՝ մղելու եւ պարտադրելու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով ցամաքային ճանապարհով բանալ Թուրքիան Ատրպէյճանին կապող Զանգեզուրի միջանցքը՝ առանց Հայաստանի կողմէ որեւէ առարկութեան:
Սա լաւ նորութիւն չէ նաեւ Հնդկաստանի համար, քանի որ այն նպատակ ունի աշխուացնել փանթուրքիստանական ճանապարհը դէպի Քաշմիրի դարպասներ: Հնդկաստանի անվտանգութեան սպառնացող վտանգը ծրագրուած է Փաքիստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան եռեակին կողմէ։ Ժամանակն է մտածելու Հայաստանի մէջ հնդկական ռազմա/օդային կեդրոնի մասին», ըսած է ան: