Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմութիւնը Չկրցաւ Հասնիլ Իր Նպատակներուն

Ընդդիմութիւնը Չկրցաւ Հասնիլ Իր Նպատակներուն

by MassisPost

Երեւանի մէջ բողոքի շարժումները շարունակուած են նաեւ Սեպտեմբեր 22-ի առաւօտէն: Խումբ մը քաղաքացիներ առաւօտեան հաւաքուած են կառավարութեան շէնքին մօտ՝ նպատակ ունենալով խոչընդոտել Գործադիր Մարմինին հերթական նիստը, որ, սակայն, մէկ ժամ շուտ  մեկնարկած էր եւ ընթացած էր անխափան:

Ոստիկանութեան միջամտութեամբ ցուցարարներու գործողութիւնը դադրեցուած է։ Իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները կառավարութեան շէնքին մօտէն բերման ենթարկած են քանի մը քաղաքացիներ։ Կէսօրին ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներու միջեւ լարում յառաջացած է։ Ոստիկանները յորդորած են ներկաներուն դադրեցնել անօրինական գործողութիւնները, հակառակ պարագային՝ ցուցարարներուն նկատմամբ պիտի կիրառուի ուժ։ Այդուհանդերձ, շարժումին մասնակիցները շարունակած են հաւաքուիլ կառավարութեան շէնքին դիմաց։

Ինչպէս նախորդ օրերուն, ընդդիմութիւնը չկրցաւ ապահովել ժողովուրդի լայն մասնակցութիւնը ցոյցերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment