ՀՀ կառավարութիւնը որոշեց վերաբաշխում կատարել եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան յատկացնել յաւելեալ աւելի քան 2,5 միլիառ դրամ։
Համապատասխան որոշման նախագիծը, որ կառավարութեան նիստի չզեկուցուող հարցերու շարքին էր, ստացաւ հաւանութիւն:
Նախագիծի հիմնաւորումներուն մէջ կ’ըսուի, որ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ընթացիկ գործունէութեան ապահովման եւ ոչ-ֆինանսական հաշիւներու ձեռքբերման հարցով անհրաժեշտութիւն յառաջացած է 2023-ի պետական պիւտճէով չնախատեսուած առաջնահերթ ծախսերու ֆինանսաւորման ուղղել 2,521,948.1 հազար դրամ:
Որոշման նախագիծով կը նախատեսուի կատարել վերաբաշխում, որ պիտի ուղղուի ՀՀ Զինուած Ուժերու կարիքներու բաւարարման: