Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է կառավարութեան հերթական նիստը: Նիստին սկզիբը վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման, պրիւքսէլեան եռակողմ վերջին բանակցութիւններուն եւ այլ հարցերու:
Մասնաւորապէս, վարչապետը նշած է.
«Պրիւքսէլի հանդիպումից, ինչպէս տեսնում էք, շատ յստակ արդիւնքներ չեմ կարող ներկայացնել: Այսուհանդերձ, բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի հնարաւորինս շատ եւ պէտք է փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ աշխոյժ ջանքեր գործադրել: Այս պահին մեր խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղում հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամի վրայ աւելի մեծ միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրելն է դիւանագիտական եղանակներով եւ Լեռնային Ղարաբաղում հաստատուած իրավիճակը միջազգային մամուլում եւ ընկերային ցանցերում հնարաւորինս լայնօրէն եւ առարկայականօրէն ներկայացնելու միջոցով: Այս ընթացքում էլ աւելի է սրուել Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու անհրաժեշտութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի ձեւաւորումը իրավիճակի յաղթահարման ամենակառուցողական սենարն է եւ պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրել այս ուղղութեամբ»: