Հանրապետության նախագահ Վահագն Խաչատուրյանն այսօր ընդունել է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեանի:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է առկայ մարտահրաւէրներուն, առաջնահերթութիւններուն եւ անվտանգային խնդիրներուն: ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունենալու եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրներու միասնական լուծումներ փնտռելու եւ համահայկական հարցերու մէջ ջանքերը մէկտեղելու գործին մէջ: