Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը:
Ան մասնաւորապէս նշած է․ «Ուքրանիայի հետ պատերազմում մենք Ռուսաստանի դաշնակիցը չենք: Եւ մեր զգացումն այդ պատերազմից, այդ հակամարտութիւնից` անհանգստութիւն է, որովհետեւ դա ուղիղ ազդում է մեր բոլոր յարաբերութիւնների վրայ»:
Փեսքով մասնաւորապէս յայտնած է. «Մենք այդ կ’ընդունինք ի գիտութիւն․ այդ կարեւոր յայտարարութիւն է: Մենք գիտենք, որ Ուքրանիոյ շուրջ հակամարտութեան վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն մէջ կան որոշակի նրբերանգներ, ու մենք անոնք հաշուի կ’առնենք», ըսած է Փեսքով:
Փեսքով նաեւ յաւելած է, որ կը շարունակեն զարգացնել «հայեցակարգային դաշնակցային յարաբերութիւնները» Հայաստանի հետ: