Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները բաւականին խնդրահարոյց անցան, ժողովուրդի աչքին առջեւ զեղծարարութիւններ եղան` մասնաւորապէս Ուրֆա քաղաքին մէջ տղամարդիկ իրենց ընտանիքի բոլոր կանանց փոխարէն քուէարկեցին, ինչ որ արգիլուած է: Այս մասին Civic.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Ակօս» թերթի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը:
Անոր խօսքով` Թուրքիոյ Ուրֆա քաղաքին մէջ միջնադարեան ֆէօտալիզմ կը տիրէ` ցեղապետեր կան, եւ այդ ցեղապետերը ամբողջ իրենց հպատակ ժողովուրդին անունով կրնան խօսիլ եւ, հետեւաբար, կրնան քուէարկել․ յատկապէս կանանց փոխարէն քուէարկած են ամուսինները, եղբայրները, հայրերը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յաջողած է վերընտրուիլ Թուրքիոյ նախագահ միայն ընտրութիւններու երկրորդ փուլին` ստանալով ձայներուն 52 տոկոսը: Բագրատ Էստուկեանի խօսքով` Էրտողանը արդէն իսկ իր առաջին ելոյթներուն մէջ շարունակած է մեղադրել իր հակառակորդները, հետեւաբար Թուրքիոյ մէջ չեն ակնկալեր, որ յառաջիկայ 5 տարին խաղաղ կ’անցնի:
«Ակօս»է թերթի խմբագիրին դիտարկմամբ` Էրտողանի մրցակիցը` Քեմալ Քըլըչտարօղլուն պիտի չբողոքարկէ ընտրութիւններուն արդիւնքները` ընդհանուր ըմբռնում կայ, որ Էրտողանը ընտրուած է:
Բագրատ Էստուկեանը յաւելեց նաեւ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ ազգի միակ ներկայացուցիչը այս անգամ մասնագիտութեամբ բժիշկ Սեւան Սվաճիօղլուն է` Էրտողանի կուսակցութենէն: Անոր խօսքով` իրենց սպասումները նախկին պատգամաւոր Կարօ Փայլանէն չեն արդարացած, մինչդեռ այս նոր պատգամաւորէն հայ համայնքը ակնկալիքներ ունի, որ կառավարութեան հետ գործ ունենալու պարագային միջնորդի դեր կը ստանձէ:
Անդրադառնալով Երեւանի մէջ «Նեմեսիս»ի արձանի տեղադրման եւ Թուրքիոյ իշխանութեան կտրուկ արձագանգին եւ պահանջներուն` «Ակօս»-ի խմբագիրը նշեց, որ թրքական մամուլին մէջ չարծարծուեցաւ այդ թեման, ինչպէս նաեւ հասարակութիւնը չքննադատեց` սահմանափակուեցաւ միայն Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարին ելոյթներով:
Բագրատ Էստուկեանի համոզմամբ` «Նեմեսիս»ի արձանը չքանդելը չի խաթարեր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կայունացումը: Մեր զրուցակիցը ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ կը փառաբանեն Ցեղասպանութեան հեղինակներինը` Թալէաթը, Էնվէրը, հետեւաբար Հայաստանն ալ համապատասխան մօտեցում պէտք է ունենայ: