ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ Լուիս Պոնոյին:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, անդրադարձած են այդ ուղղութեամբ վերջին շրջանին կայացուած բանակցութիւններուն քննարկուած եւ դեռ փոխհամաձայնեցման ենթակայ հարցերուն:
Արարատ Միրզոյեանը վերահաստատած է հայկական կողմի` տարածաշրջանին մէջ համապարփակ ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման յանձնառութիւնը: Նախարարը ընդգծած է, որ այդ ուղղութեամբ, ի թիւս այլ հարցերու, առանցքային է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն հրաժարումը, յստակ սահմաններու ամրագրումն ու սահմանային անվտանգութեան ապահովումը, միջազգայնօրէն երաշխաւորուած երկխօսութեան մեխանիզմի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրումը: