Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Սատարողներու Թիւի Նուազման Զուգահեռ Կ’աճի Համակրանքը ԱՄՆ-ի Հանդէպ

Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Սատարողներու Թիւի Նուազման Զուգահեռ Կ’աճի Համակրանքը ԱՄՆ-ի Հանդէպ

by MassisPost

Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ կատարած լայնածաւալ յարձակումէն յետոյ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ նկատուած է Ռուսիոյ հանդէպ վերաբերմունքի վատթարացում: Այդ մասին կը վկայեն Gallup կեդրոնի կատարած հարցումներուն արդիւնքները:

Նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին, որ Քրեմլինը աւանդապէս համարած է իր շահերուն եւ յատուկ ազդեցութեան գօտին, Ռուսիոյ իշխանութեան գործողութիւնները ողջունող մարդոց թիւը աւելի քան 10 տոկոսով նուազած է:

Պատմականօրէն «ռուսամէտ» համարուող Հայաստանի, Մոլտովայի, Ղազախիստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ ղեկավարին գործելակերպը դատապարտողներուն թիւը գերազանցած է սատարողներունը:

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ղեկավարութեան գործելակերպին հաւանութիւն տուողներու թիւի կրճատման զուգահեռ աճած է ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի հանդէպ համակրանք տածողներուն թիւը:

Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ համակրողներուն թիւը կրճատուած է 2,6 անգամ եւ կը կազմէ հարցուածներուն 23 տոկոսը:

Ղրղըզիստանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ Ռուսիոյ համակրողներուն թիւը դեռ մեծ է, բայց այն նոյնպէս լրջօրէն նուազած է:

Բացի անկէ, ըստ Gallup-ի, պատերազմին հետեւանքով Ռուսիոյ իշխանութիւնը կը զրկուի նաեւ հարեւան երկիրներուն մէջ ապրող ռուսերու աջակցութենէն:

Gallup-ի հարցումներու պատմութեան 15 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ Էսթոնիոյ եւ Լաթուիոյ մէջ ծագումով ռուսերուն մեծ մասը բացասական գնահատած է Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը: Այդօրինակ միտում արձանագրուած է նաեւ Ղազախիստանի մէջ ապրող ծագումով ռուսերու շրջանակին մէջ:

Միաժամանակ, ըստ Gallup-ի, Ուքրանիոյ, Պալթեան երկիրներու եւ յետխորհրդային մնացեալ պետութիւններու մեծ մասին մէջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան վարկանիշը արդէն աւելի բարձր է Ռուսիոյ իշխանութեան վարկանիշէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment