Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընը Ամենավիճելի Հարցերու Լուծման Վերաբերեալ Իր Առաջարկները Ներկայացուցած Է Երեւանին Եւ Պաքուին․ ԱՄՆ Պաշտօնեայ

Ուաշինկթընը Ամենավիճելի Հարցերու Լուծման Վերաբերեալ Իր Առաջարկները Ներկայացուցած Է Երեւանին Եւ Պաքուին․ ԱՄՆ Պաշտօնեայ

by MassisPost

ԱՄՆ վարչակազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանն իր առաջարկները ներկայացուցած է ամենավիճելի հարցերու լուծման վերաբերեալ, յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարին Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի առաջին տեղակալ Տերեք Հոկանը` Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին Յարաբերութիւններու ենթայանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ:

Հոկան ըսած է, որ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ կ’երթայ:

Ան յիշեցուցած է Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած քառօրեայ բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ, որուն ընթացքին ամենավիճելի հարցերուն շուրջ քննարկում եղած է:

«Օրինակ` սահմանի երկայնքով զօրքերու հեռացումը, վէճերու լուծման մեխանիզմը այն դաշնագրին մէջ, որուն շուրջ կը փորձենք համաձայնութեան հասնիլ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», ըսած է պաշտօնեան` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն շարք մը առաջարկներ ներկայացուցած է վիճելի հարցերու շուրջ, որոնք կողմերը կ’ուսումնասիրեն:

Բարձր գնահատելով Եւրոպական Միութեան դերը` որպէս միջնորդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ, ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնականին տեղակալը նշած է, որ կողմերը յառաջիկային պիտի հանդիպին Գերմանիոյ վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին եւ Եւրոպական Միութեան նախագահին հետ` քննարկելու, թէ ինչ հարկաւոր է ընել վերջնակէտին հասնելու համար:

Տերեք Հոկան անդրադարձած է նաեւ Լաչինի միջանցքի արգելափակման` նշելով, որ պետական քարտուղարը մեծ ճնշում կը գործադրէ այդ հարցին առնչութեամբ:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment