Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը հակադարձած է Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ Բրիտանիոյ պետական նախարար Լէօ Տոքերթիի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին հնչած յայտարարութիւններուն, կրկին ժխտելով, որ Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրելու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղը յայտնուած է լիակատար շրջափակման մէջ:
«Հայաստանցի պաշտօնեաներու կողմէ անընդհատ կրկնուող անհիմն պնդումները, թէ Ատրպէյճանի կողմէ «Լաչին» հսկիչ-անցագրային կէտի ստեղծումը իբր արգելափակած է ճանապարհը, մարդասիրական խնդիրներու յանգեցուցած է, կը խոչընդոտէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութեան ու «ցեղային զտման քաղաքականութեան» մաս կը հանդիսանայ, Հայաստանի կողմէ իրողութիւնները կեղծելու փորձ է», կը պնդէ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:
«Հայկական կողմը միջազգային հանրութեան մոլորութեան մէջ գցելու իր փորձերուն պէտք է վերջ տայ: Հայաստանը մինչեւ հիմա կը շարունակէ խրախուսել ատրպէյճանական տարածքներ միջազգային առաքելութիւն ուղարկելը, կը խոչընդոտէ ատրպէյճանական կառավարութեան եւ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանի հայ բնակիչներուն միջեւ երկխօսութեան: Այդ մենք կը դիտարկենք որպէս միջամտութիւն Ատրպէյճանի ներքին գործերուն: Եթէ Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան կողմնակից է, պէտք է դադրեցնէ նման միջամտութիւնները», յայտարարած է պաշտօնական Պաքուն: