Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Խորհրդարանը Կ’արձագանգԷ Հայաստանի Վարչապետին Յայտարարութիւններուն

Արցախի Խորհրդարանը Կ’արձագանգԷ Հայաստանի Վարչապետին Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Անընդունելի եւ առոչինչ․ Արցախի խորհրդարանը այսպէս կ’արձագանգէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ «անտեսուած են Արցախի ինքնիշխանութիւնը, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր իրացման փաստը»: Նախօրէին ուշ երեկոյեան Արցախի խորհրդարանին մէջ գումարուած արտահերթ նիստի ընթացքին միաձայն ընդունուած յայտարարութեամբ արցախցի պատգամաւորները կը պնդեն, որ Հայաստանի ղեկավարը կոպտօրէն կը խախտէ ՀՀ անկախութեան հռչակագրին ու Սահմանադրութեան ամրագրումները Արցախի մասին:

«Մեզ համար անընդունելի եւ առոչինչ են Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, մեր ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դրա իրացման փաստն անտեսող Նիկոլ Փաշինեանի ցանկացած յայտարարութիւն եւ դրա հիման վրայ կազմած որեւէ փաստաթուղթ: Արցախը երբեք չի հրաժարուելու իր պայքարի անշեղ ուղուց», կ’ըսուի փաստաթուղթին մէջ, որ ներկայացուց պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանը:

Ուշ գիշերին հրաւիրուած նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցան Արցախի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնք կոշտ կը քննադատէին, կը դատապարտէին Արցախի հարցով վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment