Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հանդիպած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու խումբ մը հարազատներու հետ անոնց առաջարկով:
Նախագահը, պատասխանելով հանդիպման մասնակիցներու հարցումներուն, անդրադարձած է ներքին եւ արտաքին զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցերու:
Արայիկ Յարութիւնեանը ընդգծած է այս ճգնաժամային պայմաններուն մէջ ներքին կայունութեան ու փոխադարձ հանդուրժողականութեան անհրաժեշտութիւնը` այդ հարցով կարեւորելով նաեւ ներկաներուն դերը: