Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլեան Հանդիպում մը Եւս Անցաւ Պատմութեան

Պրիւքսէլեան Հանդիպում մը Եւս Անցաւ Պատմութեան

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հրաւիրած հերթական հանդիպումը՝ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ: Միշելի նախաձեռնած նախորդ նման հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: Այդ հանդիպումի ընթացքին էր որ, առաջին անգամ ըլլալով հրապարակ եկաւ Հայաստանի սահմանները Եւրոպացի դիտորդներ ուղարկելու գաղափարը, որուն չընդդիմացաւ Իլհամ Ալիեւը, պայմանաւ որ, այդ առաքելութիւնը ըլլայ կարճաժամկէտ: Ինչպէս գիտենք, Եւրոպացի դիտորդները երկու ամիս մնալէ ետք մեկնեցան Հայաստանէն, սակայն կարճ ժամանակ ետք, անոնք վերադարձան աւելի մեծ թիւով ու երկարաժամկէտ, առանց նկատի առնելու Ատրպէյճանի բարձրացուցած բողոքները:

Շարլ Շիշել փորձ կատարեց նման քառակողմ հանդիպում մը եւս կազմակերպել, սակայն այդ գաղափարը արժանացաւ Պաքուի մերժումին՝ Ֆրանսան մեղադրելով Հայաստանի ի նպաստ կողմնակալութեան մէջ: Հայաստան պնդեց Ֆրանսայի ներկայութեան վրայ ու այդպիսով Պրիւքսէլեան հանդիպումները ժամանակ մը առկախուեցան:

Մայիսի 14-ին կայացած այս վերջին հանդիպումը վերադարձ էր եռակողմ ձեւաչափին: Հայաստան այս զիջումին գնաց՝ ստանալով հաւաստիացում, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 1-ին,  Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն մասնակցութեամբ՝ Մոլտավիոյ մայրաքաղաք Քիշնիեւի մէջ կայանալիք Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի գագաթի ժողովին առընթեր:

Հայաստանի համար խիստ կարեւոր է Եւրոպական այլ երկիրներու մասնակցութիւնը նման հանդիպումներու, որպէսզի Ատրպէյճան չկարողանայ իր ցանկացած ձեւով ներկայացնել բանակցութիւններու բովանդակութիւնը ու տարբեր պատրուակներով հրաժարի գործադրել գոյացած համաձայնութիւնները:

Պրիւսէլեան հանդիպումէն մի քանի օր առաջ սահմանային Սոթքի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ռազմական գործողութիւններ նախաձեռնելով փորձ կատարեցին  գետնի վրայ յաջողութիւններ արձանագրելով Հայաստանին պարտադրել նոր պայմանները: Այս անգամ Բախելով Հայկական բանակի ուժգին հակահարուածին Պաքուի այս փորձը մատնուեցաւ ձախողութեան:

Վերադառնալով Պրիւքսէլեան հանդիպումին կարելի է ըսել որ, յառաջընթացի մասին խօսիլը կանուխ է: Ստորագրուած փաստաթուղթի բացակայութեան, արդիւնքներու մասին տեղկութիւններ փոխանցեց  Միշել ինքը, յայտարարելով որ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները հաւատարմութիւն յայտնած են Ալմա-Աթայի 1991 թուականի հռչակագրին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:  Այս անգամ Շարլ Միշել յստակ նշեց  երկու երկիրներուն տարածքը՝ Հայաստանի 29 հազար 800 եւ Ատրպէյճանի 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթրը: Միշել յայտնեց որ, անդրադարձ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու ապահովման մասին: «Ես բարձրաձայնած եմ նաեւ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան միջեւ թափանցիկ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին», ըսաւ Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահը աւելցնելով որ, շաբաթներու ընթացքին պէտք է ազատ արձակուին բոլոր ռազմագերիները:

Այսպիսով, Պրիւքսէլեան հանդիպումի առաջին քննութիւնը պայմանաւորուած է ռազմագերիներու ազատ արձակմամբ, որ պէտք է իրականացուի կարճ ժամանակուայ ընթացքին:  Այս անգամ եւս հաւանականութիւնը մեծ է որ, Ատրպէյճան չկատարէ կամ մասամբ կատարէ զայն, ազատ արձակելով փոքր թիւով հայ պատանդներ այդպիսով իսկ ձախողութեան մատնելով բանակցային այս վերջին գործընթացը եւս: Իսկ քիչեր կը հաւատան որ Ատրպէյճան դուրս կու գայ Հայաստանի 29 հազար 800 քիլոմեթր տարածքէն առանց ռազմական միջոցներու պարտադրանքին, որոնց նախանշանները յուսադրող են:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment