Հայաստանը երկրորդ անգամ դիմած է միջազգային դատարան` Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանը Ղարաբաղին հետ կապող ճանապարհին Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրելու առնչութեամբ: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին յայտնեց միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը:
Անոր խօսքով` Երեւանը կ’ակնկալէ, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Պաքուի նկատմամբ կը կիրառէ ժամանակաւոր միջոց` պահանջելով անարգել տեղաշարժ Լաչինի միջանցքով մինչեւ հայցի վերաբերեալ վերջնական որոշման կայացումը:
Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչին գրասենեակը բարձրացուցած է նաեւ այն հարցը, որ Պաքուն ոչ միայն չ’ենթարկուիր ՄԱԿ-ի դատարանի միջանկեալ որոշումներուն, այլեւ կ’անտեսէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին վճիռները:
Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Ատրպէյճանին պարտաւորեցուցած է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անխափան տեղաշարժը ապահովելու համար: