Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ ղարաբաղեան կարգաւորման համար, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու եռակողմ համաձայնութիւններէն բացի, ուրիշ իրաւական հիմքեր չկան:
Անոր խօսքով` Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ իրավիճակի կարգաւորման օգնութիւնը կարելի է ողջունել, բայց միայն վերոյիշեալ համաձայնութիւններու հիման վրայ:
Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը չի հետեւիր եռակողմ յայտարարութեան: Անցեալ Մարտին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսած էր․ «Չկայ եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ, որը Պաքուն խախտած չլինի»: