Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թեհրանը Ատրպէյճանէն Բացատրութիւն Պահանջած Եւ Զգուշացուցած Է` Չհամագործակցիլ Իսրայէլի Հետ Ընդդէմ Իրանի

Թեհրանը Ատրպէյճանէն Բացատրութիւն Պահանջած Եւ Զգուշացուցած Է` Չհամագործակցիլ Իսրայէլի Հետ Ընդդէմ Իրանի

by MassisPost

Իրանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է բացատրութիւն տալու վերջերս հակաիրանեան յայտարարութիւններու եւ Թեհրանի դէմ իսրայէլեան վարչակարգին հետ ենթադրաբար միասնական ճակատ ձեւաւորելու առնչութեամբ:

Ինչպէս կը հաղորդէ իրանեան «Mehr» գործակալութիւնը, Նասէր Քանանին իր յայտարարութեան մէջ արձագանգած է Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարին յայտարարութիւններուն` «Իրանի դէմ միասնական ճակատ ձեւաւորելու» առնչութեամբ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարին հետ համաձայնութիւն ձեռք բերելու մասին: Քանանին խստօրէն դատապարտած է այդ քայլը ու զայն անուանած է սիոնիստական վարչակարգի չարամիտ մտադրութիւններու եւս մէկ վկայութիւն առ այն, որ Ատրպէյճանի տարածքը կը վերածեն Իրանի ազգային անվտանգութեան սպառնալիքի: Իրանի ներկայացուցիչը նաեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նոյնպէս պէտք է խուսափի թակարդի մէջ յայտնուելէ, որ լարած են Իրանի եւ Ատրպէյճանի երկու ժողովուրդներուն թշնամիները:

Ընդգծելով Իրանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն միջեւ ամուր պատմական եւ կրօնական կապերը` ան յաւելած է, որ Իրանը միշտ փորձած է խանգարել անբարեացակամներու ջանքերը, որոնք կը ձգտին պատնէշ ստեղծելու երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment