Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը Ձերբակալուած Է

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը Ձերբակալուած Է

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ պատգամաւորներու միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը ձերբակալուած է, յայտնած է Քննչական Կոմիտէն:

Ըստ հաղորդման` պատգամաւորներու մասնակցութեամբ փակ աշխատանքային քննարկման ընթացքին ընդդիմադիր դաշնակցական պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը «անհիմն դիտողութիւն կատարած է» «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեանին` բարձր ոճով խօսելու համար, ապա մօտեցած եւ աջ ձեռքին գտնուող ինչ-որ առարկայով մէկ անգամ հարուածած է անոր ձախ յօնքին, որուն հետեւանքով իշխանական պատգամաւորը ինկած է:

Դէպքին առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, Մհեր Սահակեանը առերեւոյթ յանցաւոր արարք կատարելու մէջ անմիջականօրէն ծագած հիմնաւոր կասկածի հիմքով դէպքէն յետոյ ձերբակալուած եւ տարուած է Ոստիկանութեան բաժին:

Վլատիմիր Վարդանեանը տեղափոխուած է բժշկական կեդրոն:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ Մհեր Սահակեանը քննարկման ժամանակ յարձակած է Վլատիմիր Վարդանեանի վրայ, մարմնական վնասուածք պատճառած:

Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը մանրամասնութիւններ ներկայացուց ԱԺ փակ նիստին տեղի ունեցած միջադէպէն: Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին Վարդանեան նշեց, որ Մարտ 31-ի առաւօտեան ընդդիմութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած էր աշխատանքային փակ քննարկում:

«Յանձնաժողովի նիստը բնական հունով ընթանում էր, մի պահ յանձնաժողովի նիստի քննարկման ընթացքը խաթարուեց` պատգամաւորները սկսեցին բաւականին բարձր խօսել եւ ես փորձեցի Արծուիկ Մինասեանին եւ մնացած պատգամաւորներին յորդորել վերադառնալ բովանդակային քննարկման փուլ: Դրանից յետոյ իմ իրաւաչափ պահանջին ի պատասխան պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը ասեց, որ ես չեմ կարող իրենց վրայ ձայն բարձրացնել, իսկ ես ասացի, որ նիստը վարում եմ եւ շարունակում եմ վարել: Նա մօտեցաւ ինձ (արդէն կանգնել էինք) ու առանց որեւիցէ բան ասելու յարձակուեց ինձ վրայ, հարուածեց ու դիմեց փախուստի», ըսաւ Վարդանեան:

Ազգային Ժողովի Պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահը ընդգծեց, որ որեւէ քայլ չէ ըրած դէպի պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը եւ մնացած է այն տեղը, ուր կանգնած էր, նախարհարձակ չէ եղած:

Պատգամաւորին խօսքով` հարուածին հետեւանքով յօնքի հատուածին բաւականին զգալի կտրուածք յառաջացած է: Վարդանեանը չի բացառեր, որ հարուածը հասցուած է ինչ-որ գործիքով:

«Բաւականին ծանր հարուած էր: Դատաբժշկական փորձաքննութիւն դեռ չեմ անցել, վաղը երեւի թէ կը մասնակցեմ», եզրափակեց Վարդանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment