Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահին Գլխաւորութեամբ տեղի Ունեցած Է ԱԽ Արտահերթ Ընդլայնուած Նիստ

Արցախի Նախագահին Գլխաւորութեամբ տեղի Ունեցած Է ԱԽ Արտահերթ Ընդլայնուած Նիստ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ Մարտ 31-ին հրաւիրուած է Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ ընդլայնուած նիստ:

Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ ԱՀ շրջափակման խստացման եւ չդադրող սադրանքներու  պայմաններուն մէջ ԱՀ պաշտպանութեան, բնակչութեան անվտանգութեան եւ  կենսագործունէութեան ապահովման առնչուող հարցեր: Զեկոյցներով հանդէս եկած են պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը եւ պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Կամօ Վարդանեանը:

Նախագահ Յարութիւնեանը կարեւորած է ուժային եւ քաղաքացիական կառոյցներու, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու սերտ եւ համակարգուած համագործակցութիւնը  հրատապ եւ երկարաժամկէտ խնդիրներու լուծման հարցով:

Քննարկուած հարցերու ծիրին մէջ նախագահը տուած է շարք մը յանձնարարականներ լիազօր մարմիններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment